2013-09-18 12:39:57

Սրբազան Քահանայապետին Կոչը` Ի Սպաս Խաղաղութեան:


Չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կոչ մը ուղղեց ի նպաստ խաղաղութեան։
Իր կոչին մէջ Նորին Սրբութիւնը նշեց թէ ''21 սեպտեմբերը Միացեալ Ազգերու կողմէ հռչակուած է խաղաղութեան միջազգային օր եւ թէ Եկեղեցիներու Համամիութենական Խորհուրդը կը հրաւիրէ հաւատացեալները այդ օրը յատկացնելու խաղաղութեան համար աղօթքի։
Կը հրաւիրեմ աշխարհի բոլոր կաթողիկէները -ըսաւ Սրբազան Հայրը- միանալու միւս քրիստոնեաներուն, Աստուծմէ հայցելու համար խաղաղութեան շնորհքը, տիեզերքի այն շրջաններուն որ խռովութեան մէջ կ՛ապրին։ Թող խաղաղութիւնը, որ Յիսուսի պարգեւն է, բնակի մեր սրտերուն մէջ եւ նեցուկ ըլլայ Ազգերու պատասխանատուներուն եւ բոլոր բարի կամք ունեցող մարդոց գործունէութեան։ Յանձնառու ըլլանք ամէնքս - աւելցուց Նորին Սրբութիւնը- քաջալերելով պատերազմներու քաղաքական եւ դիւանագիտական լուծումի ձգտող ջանքերը։ Մտածումս յատկապէս կ՛ուղղեմ սիրեցեալ սուրիացի ժողովուրդին, որուն մարդկային ողբերգութիւնը կրնայ լուծում գտնել միայն երկխօսութեամբ եւ բանակցութեամբ, արդարութեան եւ ամէն անհատի արժանաւորութեան յարգանքով ու յատկապէս տկարներն ու անպաշտպանները յարգելով։








All the contents on this site are copyrighted ©.